Երրորդ Գլուխ

Յովհաննէս Մկրտիչ Ճամբան Կը Պատրաստէ (Մր 1.2-8: Ղկ 3.1-18: Յհ 1.19-28) 1 Այդ օրերուն Յովհաննէս Մկրտիչ եկաւ քարոզելու Հրէաստանի անապատին մէջ, ըսելով. 2 «Ապաշխարեցէ՛ք [Ձեր մտածելաձեւը եւ վարքը փոխեցէք, ձեր մեղքերուն համար զղջացէք], քանի որ երկինքի թագաւորութիւնը մօտեցած է»: 3 Որովհետեւ ասիկա այն Յովհաննէսն է, որուն մասին Եսայի մարգարէ խօսեցաւ, ըսելով. «Անապատին մէջ կանչողին ձայնը կ'ըսէ. “Տիրոջ ճամբան պատրաստեցէ՛ք, հարթեցէ՛ք անոր ուղիները”» [Ես 40.3]: 4 Յովհաննէս ուղտի մազէ շինուած հագուստ մը կը հագնէր եւ կաշիէ գօտի մը կը կապէր մէջքին: Անոր կերակուրը մարախ եւ վայրի մեղր էր [Ղւ 11.22: Դ.Թգ 1.8: Զք 13.4]: 5 Այն ատեն Երուսաղէմէն, Հրէաստանէն եւ Յորդանան գետի ամբողջ շրջակայքէն մարդիկ իրեն կ'երթային: 6 Անոնք իրենց մեղքերը խոստովանելով կը մկրտուէին անոր կողմէ Յորդանան գետին մէջ: 7 Երբ Յովհաննէս տեսաւ որ փարիսեցիներէն եւ սադուկեցիներէն շատեր իրեն կու գան մկրտուելու համար, ըսաւ անոնց. «Իժերո՛ւ ծնունդներ, ո՞վ զգուշացուց ձեզ, որ փախուստ տաք գալիք բարկութենէն [Անհնազանդութեան դէմ Աստուծոյ բարկութենէն]: 8 Գործո՛վ ցոյց տուէք ձեր ապաշխարութիւնը: 9 Դուք ձեզի մի՛ ըսէք՝ “Մեր հայրը Աբրահամն է”: Որովհետեւ կ'ըսեմ ձեզի, թէ Աստուած նոյնիսկ այս քարերէն կրնայ Աբրահամի որդիներ հանել: 10 Արդէն իսկ կացինը պատրաստ է ծառերը իրենց արմատէն կտրելու: Ուստի որեւէ ծառ, որ բարի պտուղ չի տար, պիտի կտրուի եւ կրակը նետուի: 11 Ես ձեզ ջուրով կը մկրտեմ ապաշխարութեան համար [այսինքն՝ ձեր միտքը դէպի լաւը փոխելու, սրտանց նոր ճամբան ընտրելու ու ձեր մեղքերէն զզուելու համար]: Բայց ինձմէ յետոյ եկողը ձեզ պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ կրակով: Ան ինձմէ աւելի հզօր է, եւ ես նոյնիսկ անոր կօշիկները կրելու արժանի չեմ: 12 Հեծանոցը իր ձեռքին, ան ամբողջապէս պիտի մաքրէ իր կալը եւ ցորենը հաւաքէ շտեմարանին մէջ: Իսկ յարդը պիտի այրէ անշէջ կրակով»: 13 Ապա Յիսուս Գալիլիայէն Յորդանան գետ եկաւ՝ Յովհաննէսի կողմէ մկրտուելու համար: 14 Բայց Յովհաննէս շարունակ փորձեց կեցնել զինք, ըսելով. «Ե՛ս պէտք ունիմ քեզմէ մկրտուելու, եւ դո՞ւն կու գաս ինծի»: 15 Յիսուս պատասխանելով ըսաւ անոր. «Հիմա թոյլ տուր որ այսպէս ըլլայ, որովհետեւ այդ ընելով կատարած պիտի ըլլանք Աստուծոյ արդար կամքը»: Ապա Յովհաննէս համաձայնեցաւ մկրտել զինք: 16 Մկրտուելէն ետք, Յիսուս անմիջապէս դուրս ելաւ ջուրէն: Ահա երկինքը բացուեցաւ, եւ տեսաւ որ Աստուծոյ Հոգին վար կ'իջնէր աղաւնիի մը պէս ու կը հանգչէր իր վրայ [Քրիստոս տեսաւ, ըստ Մր 1.10-ի, եւ Յովհաննէս տեսաւ, ըստ Յհ 1.33-34-ի]: 17 Ահա երկինքէն լսուեցաւ ձայն մը որ կ'ըսէր. «Ա՛յս է իմ սիրելի որդիս, որուն ես հաճեցայ» [Սղ 2.7: Ես 42.1]: