Երկրորդ Գլուխ

Մոգերուն Այցելութիւնը 1 Հերովդէս թագաւորի օրերուն էր, որ Յիսուս ծնաւ Յուդայի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ: Այդ օրերուն մոգեր եկան արեւելքէն դէպի Երուսաղէմ եւ հարցուցին. 2 «Ո՞ւր է Յուդայի նորածին թագաւորը. մենք տեսանք անոր աստղը արեւելքի մէջ եւ եկանք զինք պաշտելու»: 3 Այս բանը լսելով, Հերովդէս թագաւոր եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները վրդովեցան: 4 Հերովդէս ժողով մը ըրաւ աւագ քահանաներուն եւ Օրէնքի ուսուցիչներուն հետ ու հարցուց. «Ո՞ւր պէտք է ծնէր Քրիստոսը»: 5 Անոնք պատասխանեցին. «Յուդայի Բեթլեհէմ քաղաքին մէջ. որովհետեւ Միքիա մարգարէն ըսած է. 6 «“Բայց դո՛ւն ո՜վ Բեթլեհէ՛մ, Յուդայի քաղաք, հռչակով նուազ չես Յուդայի միւս քաղաքներէն, որովհետեւ քեզմէ պիտի ելլէ այն անձը որ պիտի հովուէ իմ ժողովուրդս”» [Մք 5.2]: 7 Ապա Հերովդէս գաղտնաբար կանչեց մոգերը՝ հարցնելու համար անոնց, թէ ճիշդ ե՛րբ երեւցած էր աստղը: 8 Ան անոնց Բեթլեհէմ ղրկեց, ըսելով. «Գացէ՛ք եւ զգուշութեամբ փնտռեցէք մանուկը: Երբ գտնէք զայն, լուր բերէք ինծի, որպէսզի ե՛ս ալ երթամ եւ երկրպագեմ անոր»: 9 Թագաւորին քովէն ելլելով, անոնք շարունակեցին իրենց ճամբան, եւ այն աստղը՝ որ տեսած էին արեւելքի մէջ, իրենց առջեւէն կ'երթար մինչեւ որ եկաւ եւ կանգ առաւ հոն, ուր մանուկը կը գտնուէր: 10 Երբ տեսան աստղը, մեծ ուրախութեամբ ցնծացին: Անոնք այդ տունը մտան եւ տեսան մանուկը իր մօրը՝ Մարիամի հետ: 11 Անոնք ծունկի գալով երկրպագեցին մանուկին: Ապա բացին իրենց արկղները եւ Յիսուսի ընծայեցին իրենց բերած նուէրները՝ ոսկին, կնդրուկը եւ զմուռսը: 12 Յետոյ երազի մը մէջ Աստուած զիրենք զգուշացուց, որ չվերադառնան Հերովդէսին, ուստի ուրիշ ճամբայ մը բռնելով գացին իրենց երկիրը: 13 Մոգերուն մեկնելէն ետք, Տիրոջ հրեշտակը երազի մը մէջ երեւցաւ Յովսէփին եւ ըսաւ. «Արթնցի՛ր, առ մանուկն ու անոր մայրը, եւ փախչէ՛ Եգիպտոս: Հոն մնա՛ մինչեւ որ ըսեմ, որովհետեւ Հերովդէս մանուկը կը փնտռէ՝ զայն սպաննելու համար»: 14 Այդ գիշեր Յովսէփ ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնաց Եգիպտոս, 15 ուր մնաց մինչեւ Հերովդէսի մահը: Այդպիսով իրականացաւ Տիրոջ խօսքը Ովսիա մարգարէին միջոցաւ, թէ՝ «Եգիպտոսէն կանչեցի Որդիս» [Ովս 11.1]: 16 Երբ Հերովդէս անդրադարձաւ, որ մոգերը խաբեցին զինք, շատ զայրացաւ: Ան մարդիկ ղրկեց, որ սպաննեն Բեթլեհէմ եւ անոր շրջակայքը գտնուող երկու տարեկան եւ վար եղող բոլոր մանուկները, նկատի ունենալով մանուկին ծնելուն ժամանակը, որուն մասին տեղեկացած էր մոգերէն: 17 Այդպիսով կատարուեցաւ այն ինչ որ Երեմիա մարգարէին միջոցաւ խօսուած էր. 18 «Ռամայի մէջ ձայն մը լսուեցաւ, լացի ու մեծ սուգի ձայն, Ռաքէլ կու լար իր զաւակներուն համար, կը մերժէր մխիթարուիլ, որովհետեւ անոնք այլեւս չկային» [Եր 31.15]: 19 Հերովդէսի մահէն ետք, Տիրոջ հրեշտակը Եգիպտոսի մէջ երեւցաւ Յովսէփին երազի մը մէջ եւ ըսաւ. 20 «Ե՛լ, ա՛ռ մանուկն ու անոր մայրը եւ գնա՛ Իսրայէլի երկիրը, որովհետեւ մանուկը սպաննել ուզողները մեռան»: 21 Յովսէփ ելաւ, առաւ մանուկն ու անոր մայրը եւ վերադարձաւ Իսրայէլի երկիրը: 22 Բայց երբ գիտցաւ, որ Արքեղայոս կը թագաւորէր Յուդայի վրայ իր հօրը՝ Հերովդէսի տեղ, վախցաւ հոն երթալու, եւ երբ Աստուած երազի մը մէջ զգուշացուց զինք, ան ճամբայ ելաւ դէպի Գալիլիա, 23 եւ գնաց ապրելու Նազարէթ կոչուած քաղաքը: Այդպիսով կատարուեցաւ այն ինչ որ մարգարէներուն միջոցաւ խօսուած էր, թէ՝ ան Նազովրեցի [սրբագործուած (Թւ 6-1-21)] պիտի կոչուի [Ես 11.1]: